Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%30
yayincilarkooperatifi.com

Գաւառէն Ձայներ

Liste Fiyatı : 195,00TL
İndirimli Fiyat : 136,50TL
Kazancınız : 58,50TL
Taksitli fiyat : 12 x 14,53TL
9786055753719
367116
Գաւառէն Ձայներ
Գաւառէն Ձայներ
136.50
Պատմական Հայաստանի յուշարձանները, Անատոլուի հայկական մնացորդացը յատկապէս վերջին տասնամեակին, կ՚արժանան անօրինակ հետաքրքրութեան մը։ Հայ թէ օտար ճանապարհորդներ, պրպտողներ, խուզարկուներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր զայն վերածած են վայրի մը, որու հոգեւոր ու նիւթական գանձերը դուռ կը բանան նոր բացայայտումներու։ Կար ժամանակ սակայն, երբ պատմական Հայաստանի տարածք այցելել հերոսութեան համազօր առաքելութիւն մըն էր, քիչեր միայն կը համարձակէին ազատօրէն շրջիլ այնտեղ, ուր մնաց պեղումներ կատարել, հետազօտել, շփուիլ որպէս հայ դեռ իրենց գոյութիւնը պահպանող մնացորդացին հետ։ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան (1915-1993) մէկն էր այդ քիչերէն, որոնք իրենց վստահուած հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը չէին կատարեր լոկ պատասխանատուութենէ դրդուած, այլ զայն կը վերածէին սիրոյ ու նուիրումի առաքելութեան, հայրենի լեռները բարձրանալու ու ձորերն իջնելու, աւելին՝ իրենց ապրած ժամանակը վկայագրելու ու ականատեսի ապրումները արձանագրելու պատրուակի։ 1960-ականներէն սկսեալ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան, որպէս գաւառի հոգեւորական, կը շրջի պատմական Հայաստանի հինաւուրց քաղաքներն ու գիւղերը, կը տեսնէ այդ ժամանակ դեռ կիսականգուն հսկայ վանքերը, կը յարաբերի հոգեւոր սնունդի ու մխիթարութեան կարօտ հայրենակիցներու հետ։ Ներկայ հրատարակութիւնը կողքի մը տակ կը հաւաքէ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեանի Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 թուականներուն, «Ժամանակ» օրաթարթին մէջ «Գաւառէն ձայներ» ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակած յօդուածաշարքը, որ մաս կը կազմէ ատենին մեծ ժողովրդականութեան արժանացած «Ու ես կ՚երթամ»ներուն։ Տէր հօր գրիչով 1960-ականներու գաւառն է որ կը պատկերանայ մեր աչքին՝ հայու բեկորներով, կիսափուլ կամ ամբողջապէս աւերակ յուշարձաններով։ Հատորին մէջ գործածուած են նաեւ տէր հօր արխիւէն անձամբ իր կողմէ նկարուած լուսանկարներ։ Հատորը կազմած ու խմբագրած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ գրի առած է նաեւ յառաջաբան մը։ Այս գիրքը կու գայ լրացնելու հրատարակչատանս կողմէ 2005-ին տպագրուած «Ու ես կ՚երթամ» հատորը, ուր ամփոփուած էին տէր հօր «Նոր Մարմարա» թերթին մէջ 1964-1970 թուականներուն տպագրեալ յօդուածները։
  • Açıklama
    • Պատմական Հայաստանի յուշարձանները, Անատոլուի հայկական մնացորդացը յատկապէս վերջին տասնամեակին, կ՚արժանան անօրինակ հետաքրքրութեան մը։ Հայ թէ օտար ճանապարհորդներ, պրպտողներ, խուզարկուներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր զայն վերածած են վայրի մը, որու հոգեւոր ու նիւթական գանձերը դուռ կը բանան նոր բացայայտումներու։ Կար ժամանակ սակայն, երբ պատմական Հայաստանի տարածք այցելել հերոսութեան համազօր առաքելութիւն մըն էր, քիչեր միայն կը համարձակէին ազատօրէն շրջիլ այնտեղ, ուր մնաց պեղումներ կատարել, հետազօտել, շփուիլ որպէս հայ դեռ իրենց գոյութիւնը պահպանող մնացորդացին հետ։ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան (1915-1993) մէկն էր այդ քիչերէն, որոնք իրենց վստահուած հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը չէին կատարեր լոկ պատասխանատուութենէ դրդուած, այլ զայն կը վերածէին սիրոյ ու նուիրումի առաքելութեան, հայրենի լեռները բարձրանալու ու ձորերն իջնելու, աւելին՝ իրենց ապրած ժամանակը վկայագրելու ու ականատեսի ապրումները արձանագրելու պատրուակի։ 1960-ականներէն սկսեալ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան, որպէս գաւառի հոգեւորական, կը շրջի պատմական Հայաստանի հինաւուրց քաղաքներն ու գիւղերը, կը տեսնէ այդ ժամանակ դեռ կիսականգուն հսկայ վանքերը, կը յարաբերի հոգեւոր սնունդի ու մխիթարութեան կարօտ հայրենակիցներու հետ։ Ներկայ հրատարակութիւնը կողքի մը տակ կը հաւաքէ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեանի Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 թուականներուն, «Ժամանակ» օրաթարթին մէջ «Գաւառէն ձայներ» ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակած յօդուածաշարքը, որ մաս կը կազմէ ատենին մեծ ժողովրդականութեան արժանացած «Ու ես կ՚երթամ»ներուն։ Տէր հօր գրիչով 1960-ականներու գաւառն է որ կը պատկերանայ մեր աչքին՝ հայու բեկորներով, կիսափուլ կամ ամբողջապէս աւերակ յուշարձաններով։ Հատորին մէջ գործածուած են նաեւ տէր հօր արխիւէն անձամբ իր կողմէ նկարուած լուսանկարներ։ Հատորը կազմած ու խմբագրած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ գրի առած է նաեւ յառաջաբան մը։ Այս գիրքը կու գայ լրացնելու հրատարակչատանս կողմէ 2005-ին տպագրուած «Ու ես կ՚երթամ» հատորը, ուր ամփոփուած էին տէր հօր «Նոր Մարմարա» թերթին մէջ 1964-1970 թուականներուն տպագրեալ յօդուածները։
      Stok Kodu
      :
      9786055753719
      Boyut
      :
      13x19,5 սմ
      Sayfa Sayısı
      :
      160 էջ
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Basım Tarihi
      :
      Սեպտեմբեր 2016
      Tasarım
      :
      Արէտ Կըճըր
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
      Dili
      :
      Ermenice
  • Taksit Seçenekleri
    • Diğer Kartlar
      Taksit Sayısı
      Taksit tutarı
      Genel Toplam
      3
      49,79   
      149,36   
      6
      26,28   
      157,70   
      9
      18,45   
      166,05   
      12
      14,53   
      174,38   
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat