Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%25
yayincilarkooperatifi.com

Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ

Liste Fiyatı : 275,00TL
İndirimli Fiyat : 206,25TL
Kazancınız : 68,75TL
Taksitli fiyat : 12 x 21,96TL
9786055753788
367108
Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ
Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ
206.25
«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։ Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրող դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը։ Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ մինչեւ որ խնդրոյ առարկայ երեք կերպարներուն կեանքերը տակնուվրայ կ'ըլլան: Պէրպէրեանի այս զգայուն գործը, որ երբեմն դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ հօր եւ որդւոյ անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը՝ պարգեւելով միաժամանակ հաճելի ընթերցանութիւն մը։ Այս մէկը Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ վէպն է՝ «Նամակներ Զաաթարէն» գործէն ետք: Առաջին անգամ հրատարակուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1999-ին, Wet Paint-ի, իսկ թրքերէն լեզուով՝ 2008-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակչատանս կողմէ: Գիրքը անգլերէն լեզուով ալ լոյս տեսաւ 2015-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ Wet Paint-ի կողմէ:
  • Açıklama
    • «Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։ Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրող դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը։ Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ մինչեւ որ խնդրոյ առարկայ երեք կերպարներուն կեանքերը տակնուվրայ կ'ըլլան: Պէրպէրեանի այս զգայուն գործը, որ երբեմն դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ հօր եւ որդւոյ անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը՝ պարգեւելով միաժամանակ հաճելի ընթերցանութիւն մը։ Այս մէկը Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ վէպն է՝ «Նամակներ Զաաթարէն» գործէն ետք: Առաջին անգամ հրատարակուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1999-ին, Wet Paint-ի, իսկ թրքերէն լեզուով՝ 2008-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակչատանս կողմէ: Գիրքը անգլերէն լեզուով ալ լոյս տեսաւ 2015-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ Wet Paint-ի կողմէ:
      Stok Kodu
      :
      9786055753788
      Boyut
      :
      13x19,5 սմ
      Sayfa Sayısı
      :
      168 էջ
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Basım Tarihi
      :
      Յունուար 2017
      Resimleyen
      :
      Մեհմետ Սինան Նիյազիօղլու
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
      Dili
      :
      Ermenice
  • Taksit Seçenekleri
    • Diğer Kartlar
      Taksit Sayısı
      Taksit tutarı
      Genel Toplam
      3
      75,23   
      225,68   
      6
      39,71   
      238,28   
      9
      27,88   
      250,90   
      12
      21,96   
      263,48   
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat