Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%30
yayincilarkooperatifi.com

ՓոթորիկՊատմութիւն՝ Տաքուկ Բոյն Մը Գտնելու Մասին

Liste Fiyatı : 260,00TL
İndirimli Fiyat : 182,00TL
Kazancınız : 78,00TL
9786050688122
846841
Փոթորիկ
Փոթորիկ Պատմութիւն՝ Տաքուկ Բոյն Մը Գտնելու Մասին
182.00

Վերջապէս հայերէնով կը հրատարակուի աշխարհահռչակ, սիրուած արուեստագէտ ԿուաԺինկի կախարդական նկարներով լեցուն, անձայն այս գիրքը՝ «Փոթորիկ»ը, զոր հեղինակը ձօնած է իր կորսուած շան՝ Տու Տուին։ Գիրքը, որ կը պատմէ փողոցային շան մը ու իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել փորձող կնոջ մը փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնը, վստահաբար պիտի ջերմացնէ ձեր հոգին։ «Փոթորիկ»ը, որ ցոյց կու տայ ամենափոթորկալից պահերուն իսկ բարեկամութեան ունեցած ուժը, թերեւս անձայն է, սակայն զարմանքով պիտի նկատէք, թէ ինչպէս նկարներու արտայայտչականութեամբ շարժման կ՚անցընէ ձեր զգացումները եւ ցոյց կու տայ, թէ անոնք եւս բառերուն չափ ազդու են։ Իւրաքանչիւր ընթերցումի պահուն պիտի հանդիպիք էջերու մէջ պահուըտած տարբեր իմաստներու, պիտի ծանօթանաք մարդոց ու անասուններու յարաբերութեան վերաբերեալ բոլորովին տարբեր տեսանկիւնի մը՝ զիրար ու իրարու հետ կենակցիլ նախընտրած այս շան ու մարդու միջնորդութեամբ։ «Փոթորիկ»ը նախատեսուած է երեք ու աւելի տարիք ունեցող մանուկներու եւ բոլոր այն չափահասներուն համար, որոնք կրնան կապ հաստատել իրենց մէջ գտնուող մանուկին հետ։ Գիրքը լաւ սկիզբ մըն է անբառ (անձայն) գիրքերու անծանօթ անձերուն համար։

  • Açıklama
    • Վերջապէս հայերէնով կը հրատարակուի աշխարհահռչակ, սիրուած արուեստագէտ ԿուաԺինկի կախարդական նկարներով լեցուն, անձայն այս գիրքը՝ «Փոթորիկ»ը, զոր հեղինակը ձօնած է իր կորսուած շան՝ Տու Տուին։ Գիրքը, որ կը պատմէ փողոցային շան մը ու իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել փորձող կնոջ մը փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնը, վստահաբար պիտի ջերմացնէ ձեր հոգին։ «Փոթորիկ»ը, որ ցոյց կու տայ ամենափոթորկալից պահերուն իսկ բարեկամութեան ունեցած ուժը, թերեւս անձայն է, սակայն զարմանքով պիտի նկատէք, թէ ինչպէս նկարներու արտայայտչականութեամբ շարժման կ՚անցընէ ձեր զգացումները եւ ցոյց կու տայ, թէ անոնք եւս բառերուն չափ ազդու են։ Իւրաքանչիւր ընթերցումի պահուն պիտի հանդիպիք էջերու մէջ պահուըտած տարբեր իմաստներու, պիտի ծանօթանաք մարդոց ու անասուններու յարաբերութեան վերաբերեալ բոլորովին տարբեր տեսանկիւնի մը՝ զիրար ու իրարու հետ կենակցիլ նախընտրած այս շան ու մարդու միջնորդութեամբ։ «Փոթորիկ»ը նախատեսուած է երեք ու աւելի տարիք ունեցող մանուկներու եւ բոլոր այն չափահասներուն համար, որոնք կրնան կապ հաստատել իրենց մէջ գտնուող մանուկին հետ։ Գիրքը լաւ սկիզբ մըն է անբառ (անձայն) գիրքերու անծանօթ անձերուն համար։

      Stok Kodu
      :
      9786050688122
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat