Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%40
yayincilarkooperatifi.com

Կապոյտ Երազ

Liste Fiyatı : 325,00TL
İndirimli Fiyat : 195,00TL
Kazancınız : 130,00TL
9786257460040
851953
Կապոյտ Երազ
Կապոյտ Երազ
195.00

«Կապոյտ երազ», որ կողքի մը տակ կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած այս հատընտիրը կը ներկայացնէ Զաւէն Պիպեռեանէ Յակոբ Մնձուրի, Երուանդ Կոպէլեանէ Վարդան Կոմիկեան, Սոնա Տէր Մարգարեանէ Սեդա Թեւեան մէկը միւսէն արժէքաւոր տասնինը հեղինակէ պատմուածքներ՝ ի մասին քաղաքի, ծովու, ծովեզերքի, Ստանպուլի կեանքի ու հարկաւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչներուն։
Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս հայերը կ՚անուանեն Պոլսոյ ու վերջապէս Ստանպուլի բազկերակը գրողի զգայնութեամբ գրի առած այս անունները կ՚արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով Ստանպուլի զգացումներու աշխարհագրութիւնը։ «Կապոյտ երազ» կը խոստանայ ընթերցանութեան անյագուրդ ախորժակ մը, միւս կողմէ մատուցելով արժանին Պոլսոյ ծովերուն, որ անկասկած միլիոնաւորներու հասարակաց կապոյտ երազն է։ «Կապոյտ երազ» գովք մըն է մեր իսկ ձեռքով բրտօրէն դէպի ոչնչացում թալաւող պատմական քաղաքին, իր մշակոյթին ու բնակիչներուն…

  • Açıklama
    • «Կապոյտ երազ», որ կողքի մը տակ կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած այս հատընտիրը կը ներկայացնէ Զաւէն Պիպեռեանէ Յակոբ Մնձուրի, Երուանդ Կոպէլեանէ Վարդան Կոմիկեան, Սոնա Տէր Մարգարեանէ Սեդա Թեւեան մէկը միւսէն արժէքաւոր տասնինը հեղինակէ պատմուածքներ՝ ի մասին քաղաքի, ծովու, ծովեզերքի, Ստանպուլի կեանքի ու հարկաւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչներուն։
      Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս հայերը կ՚անուանեն Պոլսոյ ու վերջապէս Ստանպուլի բազկերակը գրողի զգայնութեամբ գրի առած այս անունները կ՚արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով Ստանպուլի զգացումներու աշխարհագրութիւնը։ «Կապոյտ երազ» կը խոստանայ ընթերցանութեան անյագուրդ ախորժակ մը, միւս կողմէ մատուցելով արժանին Պոլսոյ ծովերուն, որ անկասկած միլիոնաւորներու հասարակաց կապոյտ երազն է։ «Կապոյտ երազ» գովք մըն է մեր իսկ ձեռքով բրտօրէն դէպի ոչնչացում թալաւող պատմական քաղաքին, իր մշակոյթին ու բնակիչներուն…

      Stok Kodu
      :
      9786257460040
      Boyut
      :
      15 x 21 cm
      Sayfa Sayısı
      :
      383
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Baskı
      :
      1
      Basım Tarihi
      :
      2022
      Kapak Türü
      :
      Karton Kapak
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
      Dili
      :
      Ermenice
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat