Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%30
yayincilarkooperatifi.com

Երբ Պատանի Ենք

Liste Fiyatı : 180,00TL
İndirimli Fiyat : 126,00TL
Kazancınız : 54,00TL
Taksitli fiyat : 12 x 13,41TL
9786052100141
367083
Երբ Պատանի Ենք
Երբ Պատանի Ենք
126.00
«Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։ «Երբ պատանի ենք» գիրքով կարելի է ծանօթանալ ժամանակակից հայ գրողներու պատմուածքներէն խտացուած ու պարզեցուած նմուշներու, որոնց մէջ հերոսները կ՚երեւին իրենց մանուկի կամ պատանիի յուզումներով ու ապրումներով։ Ամերիկայի մէջ դէպի Արարատ ճանապարհորդութեան ձեռնարկող միամիտ տղաքը, Երուսաղէմի վանքին մէջ հայկական իր արմատները վերագտնող լեհը, սիրոյ առաջին յուզումն ու արկածները ապրող պարման ու պարմանուհիները, ձիուն շնորհիւ կեանքին բռնուող սասունցի պատանին, լեռնային ոգիներով հետաքրքիր աղջնակը, հետագային արուեստագէտ դարձած մանուկը կամ Հայաստանի անկախութեամբ տակնուվրայ եղած երիտասարդները եւ աւելին ո՛չ միայն ընթերցանութեան նիւթ կը մատակարարեն, այլ նաեւ առիթ կը դառնան մտորելու այս եւ այլ նիւթերու մասին։ Իւրաքանչիւր պատմուածքէն ետք զետեղուած է բառարան մը։ Իսկ գիրքի աւարտին կան խաղ-հարցարաններ, որոնց շնորհիւ ընթերցողները պիտի կարենան թարմացնել իրենց կարդացածներուն տպաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննել իրենց յիշողութիւնը։ Գիրքին համար հիմք հանդիսացած է սփիւռքահայ վաստակաշատ մանկավարժներ Մարօ Գալայճեան-Քիւրքճեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ 2006-ին հրատարակուած «Հայրենի աղբիւր»ի գրադարանի վեցերորդ գիրքը՝ «Տասը աշխարհ»ը։ Կարդալով այս պզտիկ գիրքը՝ ընթերցողը պիտի կատարէ մեծ շրջապտոյտ մը՝ երկրային ու աննիւթական աշխարհագրութիւններու վրայ, հաւասարապէս։ Կարօ Սասունիի,Լուիզա Ասլանեանի, Յակոբ Մնձուրիի, Զապէլ Եսայեանի, Գուրգէն Մահարիի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Զարեհ Որբունիի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Յակոբ Կարապենցի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Վահրամ Մավեանի, Վեհանուշ Թեքեանի, Մարուշի, Վահէ Պէրպէրեանի ուՎահէ Օշականի պատմուածքները տեղադրուած են մանկութենէ դէպի վաղ երիտասարդութիւն ընթացող ժամանակագրութեամբ։
  • Açıklama
    • «Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։ «Երբ պատանի ենք» գիրքով կարելի է ծանօթանալ ժամանակակից հայ գրողներու պատմուածքներէն խտացուած ու պարզեցուած նմուշներու, որոնց մէջ հերոսները կ՚երեւին իրենց մանուկի կամ պատանիի յուզումներով ու ապրումներով։ Ամերիկայի մէջ դէպի Արարատ ճանապարհորդութեան ձեռնարկող միամիտ տղաքը, Երուսաղէմի վանքին մէջ հայկական իր արմատները վերագտնող լեհը, սիրոյ առաջին յուզումն ու արկածները ապրող պարման ու պարմանուհիները, ձիուն շնորհիւ կեանքին բռնուող սասունցի պատանին, լեռնային ոգիներով հետաքրքիր աղջնակը, հետագային արուեստագէտ դարձած մանուկը կամ Հայաստանի անկախութեամբ տակնուվրայ եղած երիտասարդները եւ աւելին ո՛չ միայն ընթերցանութեան նիւթ կը մատակարարեն, այլ նաեւ առիթ կը դառնան մտորելու այս եւ այլ նիւթերու մասին։ Իւրաքանչիւր պատմուածքէն ետք զետեղուած է բառարան մը։ Իսկ գիրքի աւարտին կան խաղ-հարցարաններ, որոնց շնորհիւ ընթերցողները պիտի կարենան թարմացնել իրենց կարդացածներուն տպաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննել իրենց յիշողութիւնը։ Գիրքին համար հիմք հանդիսացած է սփիւռքահայ վաստակաշատ մանկավարժներ Մարօ Գալայճեան-Քիւրքճեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ 2006-ին հրատարակուած «Հայրենի աղբիւր»ի գրադարանի վեցերորդ գիրքը՝ «Տասը աշխարհ»ը։ Կարդալով այս պզտիկ գիրքը՝ ընթերցողը պիտի կատարէ մեծ շրջապտոյտ մը՝ երկրային ու աննիւթական աշխարհագրութիւններու վրայ, հաւասարապէս։ Կարօ Սասունիի,Լուիզա Ասլանեանի, Յակոբ Մնձուրիի, Զապէլ Եսայեանի, Գուրգէն Մահարիի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Զարեհ Որբունիի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Յակոբ Կարապենցի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Վահրամ Մավեանի, Վեհանուշ Թեքեանի, Մարուշի, Վահէ Պէրպէրեանի ուՎահէ Օշականի պատմուածքները տեղադրուած են մանկութենէ դէպի վաղ երիտասարդութիւն ընթացող ժամանակագրութեամբ։
      Stok Kodu
      :
      9786052100141
      Boyut
      :
      13,5x20 սմ
      Sayfa Sayısı
      :
      192 էջ
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Basım Tarihi
      :
      Փետրուար 2018
      Tasarım
      :
      Արէտ Կըճըր
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
      Dili
      :
      Ermenice
  • Taksit Seçenekleri
    • Diğer Kartlar
      Taksit Sayısı
      Taksit tutarı
      Genel Toplam
      3
      45,96   
      137,87   
      6
      24,26   
      145,57   
      9
      17,03   
      153,28   
      12
      13,41   
      160,97   
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat