Sepetim (0) Toplam: 0,00TL
%30
yayincilarkooperatifi.com

Անցուկը Մոռցուկ

Liste Fiyatı : 435,00TL
İndirimli Fiyat : 304,50TL
Kazancınız : 130,50TL
Taksitli fiyat : 12 x 32,42TL
9786052100806
851954
Անցուկը Մոռցուկ
Անցուկը Մոռցուկ
304.50

Պոլսահայոց հասարակական, մտաւորական ու եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ անօրինակ վկայութիւն մըն է այս յուշագրութիւնը, որուն հեղինակը՝ բանասէր, հասարակական գործիչ, պալատական շրջանակներէ ներս իսկ յարգանք վայելող բժիշկ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, կը ներկայացնէ ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկզբի Կ. Պոլսոյ առօրեային բազմաշերտ կեանքը։ Հեղինակը, ծնեալ Սկիւտար, ընտանեկան պարագաներն ու իրենց շրջանակը, թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն սկիզբ առած իր կրթական կեանքը, ուսուցիչները, դասընկերները, թաղին հանրային շարժումները, եկեղեցիներն ու անոնց հոգեւորականները պատմելէ վերջ, պատկերաւոր լեզուով մը կը փոխանցէ բժշկական կրթութիւն ստանալու նպատակով Սկիւտարէն դուրս, Պոլսոյ այլ թաղեր կատարած ուղեւորութիւնները ու այլ պատահարներ։ Թորգոմեանի արկածները սահմանափակուած չեն միայն Պոլսոյ միջավայրով. հեղինակը, որ բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Փարիզի մէջ, կը նկարագրէ նաեւ Իզմիրի ու Մարսիլիոյ վրայէն Փարիզ կատարած երթուդարձերը, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայկական կեանքը, տեղւոյն գաղութը եւ իր կապերը զանազաններու հետ։ «Անցուկը մոռցուկ»ը, որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորով, կ՚ամփոփէ նաեւ հեղինակին ուշագրաւ վկայագրութիւնը՝ հրադադարի տարիներուն Պոլսոյ մէջ շփումներ ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մասին։ Հատորի աւարտին տեղադրուած է Վահրամ Թորգոմեանի մատենագիտութիւնը, զոր պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ «Անցուկը մոռցուկ» հրատարակուած է Սկիւտարի Ս. Խաչ-Դպրեվանք վարժարանի խնամակալութեան մեկենասութեամբ։

  • Açıklama
    • Պոլսահայոց հասարակական, մտաւորական ու եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ անօրինակ վկայութիւն մըն է այս յուշագրութիւնը, որուն հեղինակը՝ բանասէր, հասարակական գործիչ, պալատական շրջանակներէ ներս իսկ յարգանք վայելող բժիշկ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, կը ներկայացնէ ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկզբի Կ. Պոլսոյ առօրեային բազմաշերտ կեանքը։ Հեղինակը, ծնեալ Սկիւտար, ընտանեկան պարագաներն ու իրենց շրջանակը, թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն սկիզբ առած իր կրթական կեանքը, ուսուցիչները, դասընկերները, թաղին հանրային շարժումները, եկեղեցիներն ու անոնց հոգեւորականները պատմելէ վերջ, պատկերաւոր լեզուով մը կը փոխանցէ բժշկական կրթութիւն ստանալու նպատակով Սկիւտարէն դուրս, Պոլսոյ այլ թաղեր կատարած ուղեւորութիւնները ու այլ պատահարներ։ Թորգոմեանի արկածները սահմանափակուած չեն միայն Պոլսոյ միջավայրով. հեղինակը, որ բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Փարիզի մէջ, կը նկարագրէ նաեւ Իզմիրի ու Մարսիլիոյ վրայէն Փարիզ կատարած երթուդարձերը, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հայկական կեանքը, տեղւոյն գաղութը եւ իր կապերը զանազաններու հետ։ «Անցուկը մոռցուկ»ը, որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորով, կ՚ամփոփէ նաեւ հեղինակին ուշագրաւ վկայագրութիւնը՝ հրադադարի տարիներուն Պոլսոյ մէջ շփումներ ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մասին։ Հատորի աւարտին տեղադրուած է Վահրամ Թորգոմեանի մատենագիտութիւնը, զոր պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ «Անցուկը մոռցուկ» հրատարակուած է Սկիւտարի Ս. Խաչ-Դպրեվանք վարժարանի խնամակալութեան մեկենասութեամբ։

      Stok Kodu
      :
      9786052100806
      Boyut
      :
      15 x 21 cm
      Sayfa Sayısı
      :
      592
      Basım Yeri
      :
      İstanbul
      Baskı
      :
      1
      Basım Tarihi
      :
      2020
      Kapak Türü
      :
      Karton Kapak
      Kağıt Türü
      :
      Kitap Kağıdı
      Dili
      :
      Ermenice
  • Taksit Seçenekleri
    • Diğer Kartlar
      Taksit Sayısı
      Taksit tutarı
      Genel Toplam
      3
      111,06   
      333,18   
      6
      58,63   
      351,79   
      9
      41,16   
      370,42   
      12
      32,42   
      389,00   
  • Yorumlar
    • Yorum yaz
      Bu kitabı henüz kimse eleştirmemiş.
Kapat